Armenian News Network / Groong

 

The Literary Groong

June 10, 2023

 


 

Երրորդ Վարդը

 

Երբ փորձեցի ըմբռնել

Ընկերութեան, մտերմութեան,

Ջերմ հասկացողութեան գաղտնիքը

Ինծի ըսին թէ այդ սէր է, պահանջկոտ,

Խնամքի, ուշադրութեան եւ սնուցումի կարօտող:

Անոր համար պատրաստ պէտք է ըլլաս զոհելու

մի քանի իտեալներ, վերանայիլ նախնտրութիւններ,

գործնական եւ տեսլական նպատակներուդ

կարեւորութեան շարքը փոխել, եւ

պէտք է կարենաս կեդրոնանալ

ընտրածդ ծաղիկին . . .

 

Եւ ես գացի ծաղկին

ան որ վառվրուն էր եւ վայրի

Անոր բուրմունքը իւրայատուկ էր

Եւ անոր հպումը կախարդական

Եւ ան հարցուց ինծի եթէ կրնա՞մ սիրել զինքը

«Միայն քիչ մը» և ես հարցուցի իրեն եթէ

Ինք կրնայ սիրել զիս քիչ մը միայն

«Իմ սէրըս քիչ է որքան երեկոյան երկնքի աստղերը,

Իմ նուիրումս այնքան մակերեսային է որքան ովկիանոսին հատակը,

Իմ առատաձեռնութիւնս հազուագիւտ է անապատի աւազին չափ,

Բայց իմ սէրս միայն կը տեւէ երեք վարկեան, երեք օր,

Երեք շաբաթ, երեք ամիս, թերեւս երեք տարի,

Երեք . . . միայն այդքան:»

 

Եւ ես մոտեցայ վարդին

Այն որ ամբողջովին հասունցած եւ բացուած էր

Այն որ տեսած էր անցրեւներ, կարկուտ եւ ձիւն

Այն որ յաղթահարած էր կեանքի բազում փորցութիւնները

Ոչ միայն դիմացած, այլ նաեւ ծնունդ տուած նոր ծիլերու

Ամբողջական ներկայացուցիչն էր պատուախնդիր փորձառութիւններու:

«Կրնա՞ս սէր ընդունիլ»  հարցուցի 

«Կրնա՞մ սէր ընդունի՜լ»  հեքնեց ու շարունակեց

«Ոչ միայն կրանամ սէր ընդունիլ, բայց կրնամ

Իրական, խորունկ սէր տալ ճիշդ անձին:»

«Դերեւս ես լաւագոյնը չեմ» շարունակեց ան

«Բայց վստահաբար ես՝ ե՛ս եմ, կրնամ իսկական սէր ընդունիլ

Եւ իրական սէրով փոխադարձել:»

 

«Նայիր, ես քիչ մը սէր ունիմ» ըսի

Մեղմորէն  դպնալով ծաղիկի ցօղունին

«Ձգէ ցօղունս» կտրուկ զգուշացուց

«Այնքան ամուր սեղմելով

Կը խանքարես շրջանառութիւնս

Սնունդս չի հասնիր վարթիթեռներուս

Մի դպչիր ինծի որ չկորսնցնեմ իմ փայլքս

Քու սերդ ճնշիչ է ու հեղձուցիչ

Ես չեմ կրնար տանիլ քու բեռդ

Ոչ ալ կուզեմ քեզի ճնշում պատճառել:»

 

«Կը խԽնդրեմ որ իրար առանցին ձգենք նորէն

Բարեւենք իրար անծանօթներու պէս կրկին

Դուն կրնաս զմայլանքով նայիլ ինծի ամէն օր

Եւ նոյնիսկ սրտիդ խորէրէն կրնաս ըղձալ, երազել իմ մասիս

Կրնաս լալ ինծի համար, բայց կը խնդրեմ, որ

Այդ զգացումներէդ ոչ մէկը արտայայտէս ինծի,

Այլապէս երբեք պիտի չխօսիմ քեզի: Երբե՛ք»:

 

Հաւաքեցի մտածելու կարողութեանս մնացած բեկորները

Եւ տեղաբոխեցի այդ բոլորը հեռաւոր պահեստանոցի մը մէջ

Հեռաւոր դաշտագետիններու մէջ, ուր ուրիշ բաներու կարգին

Արեւն ալ նոյնպէս կը բարձրանայ մօտաւորապէս 5:25-ին:

 

Գէորգ Գալայճեան


 

Kevork K. Kalayjian, Jr. is a graduate of the AGBU's Melkonian Educational Institute, Nicosia, Cyprus. He holds a B.A. in Political Science and Economics from Fairleigh Dickinson University, Rutherford, NJ, a M.Ed. in Counseling Psychology, from William Paterson University, Wayne, NJ, and CPA requirements completed at Pace University, NYC. An auditor by profession, Kevork resides in NY and likes to paint and write. Some of his poems have been published in literary periodicals such as "Ararat", as well as The Literary Groong on groong.org and at poetry.com.

Grish Davtyan photo


© Copyright 2023 Armenian News Network/Groong and the author.


Home Administrative | Introduction | Armenian News | Podcasts | Feedback |