Հաւատքի Նման
Որքան ալ հրեշտակային ըլլան իմ սիրոյ երազանգները
Ծիածաններէ գունազարդ ըլլան իմ զգացումներու երանգները
Նորածին ծիածանի շողերով փայլին և ջերմացնեն իմ սիրոյ խոսքերը
Մայրամուտի մելամաղցոտ ամչկոտութեամբ կարմրին իմ այտերը
Տակաւին ես չեմ արտօներ որ լեզուս արտայայտէ այդ զգացումները:
Ես իրաւունք չունիմ խանագարելու տիեզերքի հաւասակշռութիւնը
Ես ո՞վ եմ որ քարուքանդ դարձնեմ կարուցուած հաւատքները,
Ի՞՜նչ անձնակործան մեղանչանքներով նոր ծրագիրներ մշակեմ
Մոլորակներու և անհատներու կեանքը խանգարեմ
Իմ սէրը կը մնայ համբերող, ներող, հասկացող, օգնող, սպասող:
Ամէնէ-մաքուր առուակի զուլալ ջուրերուն նման,
Ամէնէ-սպիտակ ձիւնի բամբակէ փաթիլներուն նման
Ամէնէ-անսահման անապատի աւազի հատիկներուն նման
Ամէնէ-անձնուրաց հաւատացեալի հաւատքին նման . . .
12/31/2019Գէորգ Գալայճեան
Redistribution of Groong articles, such as this one, to any other
media, including but not limited to other mailing lists and Usenet
bulletin boards, is strictly prohibited without prior written
consent from Groong's Administrator. © Copyright 2019 Armenian News Network/Groong. All Rights Reserved. |
---|